«ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ը ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿ

Ժան Պօղոսեան

Կապի Լայեուն

Ալպեր Պօղոսեան

Հաւատալով, որ արուեստը երկխօսութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որ նաեւ մարդուն մտայնութիւնը կը փոխէ, հորիզոնները կ՛ընդարձակէ եւ աշխարհին բացուելու յաւելեալ առիթներ կը ստեղծէ, «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ը երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ յայտարարեց հաստատումը լիբանանցի երիտասարդ արուեստագէտներու նոր մրցանակի մը:

Մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի հովանաւորութեամբ եւ իր ու Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքեթի ներկայութեամբ կայացած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց եւ նոր մրցանակի հաստատման յայտարարութիւնը կատարեց Ալպեր Պօղոսեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի ծաւալած աշխատանքներուն` Հայաստանի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Ան նշեց, որ արուեստն ու երիտասարդ արուեստագէտները քաջալերելու միտումով հաստատուած է այս նոր մրցանակը, որուն նպատակը լաւապէս կը համընկնի հիմնադրամի սկզբունքներուն` արեւմտեան եւ արեւելեան մշակոյթներուն միջեւ երկխօսութիւն ստեղծել: Ա. Պօղոսեանի համաձայն, այս մրցանակը ամէն տարուան յունիսին Պէյրութի մէջ պիտի տրուի երեք լիբանանցի երիտասարդ արուեստագէտներու, որոնք արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ (գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, լուսանկարչութիւն, ժապաւէնի պատրաստութիւն եւ այլն) աշխուժ եղած են: 2012 տարուան մրցանակին համար նկատի առնուած են երեք հիմնական մարզեր` գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ գոհարեղէնի պատրաստութիւն: Ան բացատրեց, որ համապատասխան դատական կազմի վճիռներուն հիման վրայ կ՛ընտրուին մրցանակակիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ստանայ 10 հազար ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ իրաւունք կ՛ունենայ բնակելու Պրիւքսէլի Էմփէյն պալատին մէջ, զոր հիմնադրամը ձեռք ձգած է 2006 թուականին, եւ որ վերածուած է արուեստի կեդրոնի մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը համագործակցին «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ին հետ, ինչպէս նաեւ օժանդակեցին ծրագիրի յաջողութեան:

Ապա խօսք առաւ նախարար Կապի Լայեուն, որ դիտել տուաւ, թէ Լիբանան մշակոյթի մարզին մէջ շատ աշխուժ է, մեծ պահանջներ ունի, եւ նախարարութիւնը ատակ չէ բոլորին գոհացում տալու թէ՛ մարդուժի եւ թէ՛ նիւթական կարելիութիւններու սեղմ ըլլալուն պատճառով: Այս իմաստով ան մեծապէս ողջունեց անհատական նախաձեռնութիւնները` լիբանանեան մշակութային կեանքին օժանդակող եւ զայն քաջալերող,  յատուկ կերպով անդրադառնալով «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ին խաղացած մեծ դերակատարութեան եւ ունեցած ազդու ներդրումին: Նախարարը յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց հիմնադրամին:

Աւարտին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց Ժան Պօղոսեան, որ խօսեցաւ «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի Հայաստանի մէջ տարած աշխատանքներուն մասին` դիտել տալով, որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք Հայաստանի կարիքներուն հասաւ հիմնադրամը, որբանոցներ հաստատեց, տուներ շինեց, ըմպելի ջուր ապահովեց: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տարուած գործունէութեան, որ քիչ մը ուշացումով իրականացաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, յիշեց, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի արուեստից վարժարանի հաստատման մէջ մեծ ներդրում ունեցած է հիմնադրամը: Ժ. Պօղոսեան հաստատեց, որ հիմնադրամը միշտ կը միտի համագործակութեան կարելիութիւններ ստեղծել այլ հաստատութիւններու հետ, որպէսզի միասնաբար ծրագիրներ իրականացնեն: Ան դիտել տուաւ, որ արուեստի կարեւորութեան նկատմամբ հիմնադրամի խոր հաւատքին արգասիքն է այս մրցանակը, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ արուեստի կեդրոնի վերածուած եւ ցուցահանդէսներու վայր եղող պալատը:

Նշենք, որ լիբանանցի երիտասարդ արուեստագէտներու մրցանակին մասնակցելու նպատակով դիմումնագիրներու յանձնման ժամկէտը 15 ապրիլ 2012-ն է, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել www.fondationboghossian.com կայքէջը:

 

Share this Article
CATEGORIES