ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ

Արձանագրութեան ստորագրութեան պահուն

Սուրիա երէկ կէսօրին Գահիրէի Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեց Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան օրինական շրջագիծը ճշդող արձանագրութիւնը: Արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր  քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլիի կողմէ` ներկայութեամբ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա ստորագրեց արձանագրութիւնը եւ ներկաներուն փոխանցեց այն տուեալները, որոնք սուրիական իշխանութիւնները համոզած են արձանագրութիւնները ստորագրելու:

Ան յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները այդ արձանագրութիւնը պիտի չստորագրէին, եթէ անիկա Սուրիոյ գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը ապահովող բարեփոխումի չենթարկուէր եւ դէտերու պատուիրակութեան աշխատանքը չբարեփոխուէր: Սակայն Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Գահիրէէն յայտարարեց, որ Սուրիա արձանագրութիւնը ստորագրած է ինչպէս որ էր, եւ ոչ թէ բարեփոխուած տարբերակ մը:

Մինչ Մոալլեմ նշեց, որ ասիկա Սուրիոյ եւ Արաբական լիկայի միջեւ համագործակցութեան սկիզբն է, Արապի յայտնեց, որ դէտեր ուղարկելու արձանագրութիւնը սուրիական տագնապին լուծումը չէ, այլ` այդ ուղղութեամբ քայլ մը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ արձանագրութիւնը կը պահպանէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, եւ դէտերու աշխատանքը ամբողջովին համակարգուած պիտի ըլլայ սուրիական իշխանութիւններուն հետ` աւելցնելով, որ իրենք Արաբական լիկային մօտ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անկեղծ ձգտում մը նկատած են:

Ինչ կը վերաբերի Արաբական լիկային կողմէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, Մոալլեմ ըսաւ, որ անոնց ջնջումը լիկային ձգուած է: Ան նշեց, որ դէտերու պատուիրակութեան գործունէութեան ժամանակաշրջանը մէկ ամիս է, սակայն` յաւելեալ ամիսով մը երկարաձգելի, եթէ արձանագրութիւնը ստորագրած երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացնեն: Իսկ պատուիրակութեան ուղարկելիք զեկուցումէն օրինակ մը իրեն պիտի ուղարկուի` օրինակ մըն ալ Արապիի, եւ իրենք այդ զեկուցումին բովանդակութիւնը պիտի քննարկեն: Սուրիական պետութիւնը դէտերը պիտի պաշտպանէ, իսկ անոնք ապահովական հարցերով պետութեան խրատները կրնան ընդունիլ կամ մերժել:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Սուրիոյ տագնապին շուրջ ներկայացուած բանաձեւին` Մոալլեմ յայտնեց, որ ռուսերու կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չկայ, այդ կեցուածքը յստակ է, ռուսերը միշտ խրատած են արձանագրութիւնը ստորագրել, «եւ մենք անոնց խրատը կատարեցինք»: Սակայն նշեց, որ արձանագրութիւնը ստորագրելու որոշումը կատարելապէս սուրիական ազգային որոշում մըն է, ինչպէս նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ռուսիոյ հետ Ապահովական խորհուրդին ներկայացուած բանաձեւին շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մասին` Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սուրիոյ կացութեան մէկ աչքով կը նայի»: Ան ընդգծեց, որ Էրտողանի կառավարութեան քաղաքականութեան պատճառով թրքական իշխանութիւններուն հետ պաշտօնական հաղորդակցութիւններ չկան: Ան թրքական իշխանութիւնները ամբաստանեց Թուրքիա-Սուրիա լաւ յարաբերութիւնները փճացնելու յանցանքով: Ան ընդգծեց, որ Ատանայի համաձայնութիւնը տակաւին ի զօրու է, որովհետեւ սուրիական կողմը թրքական իւրաքանչիւր արեան կաթիլի նկատմամբ նախանձախնդիր է, սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը` ոչ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին Գահիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ դէտերու պատուիրակութեան յառաջատար խումբը 2-3 օրէն Դամասկոս պիտի ուղղուի: Արապի նկատել տուաւ, որ անոր պիտի հետեւին տասը դէտերէ բաղկացած այլ խումբեր` աւելցնելով, որ լիկային մօտ հարիւր անուններէ բաղկացած դէտերու ցանկ մը գոյութիւն ունի` նշելով միաժամանակ, որ դէտերը արաբական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ արաբական կառավարութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած են:

Արապի հաղորդեց, որ առաւելագոյնը մինչեւ մէկ շաբաթ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ սուրիական ընդդիմութեան ընդլայնուած ժողով մը պիտի գումարուի` յստակացնելու համար ընդդիմութեան կեցուածքը, որմէ ետք սուրիական կառավարութիւնը ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան պիտի հրաւիրուի:

Արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Արաբական լիկայի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող արգելքները Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի միջեւ հաղորդակցութեանց միջոցով հարթուած են, մասնաւորաբար շնորհիւ գոյացած այն համաձայնութեան, թէ «դէտերու պատուիրակութեան» աշխատանքը սուրիական իշխանութեանց հետ համակարգաբար պիտի ըլլայ, իսկ արձանագրութեան պայմանաժամը մէկ ամսուան կը նուազեցուի` երկու կողմերու համաձայնութեամբ զայն երկարաձգելու կարելիութեամբ:

Ըստ աղբիւրներուն, Սուրիա յաջողած է արձանագրութենէն բազմաթիւ կէտեր բարեփոխել եւ վերախմբագրել` պահպանելու համար իր ազգային գերիշխանութիւնը եւ հարցերը դէպի արտաքին զինուորական յարձակում ուղղելու համար բանակցութեան ժամանակաշրջանի շահագործումին արգելք հանդիսանալու:

Դէտերու պատուիրակութիւնը զեկուցումը պատրաստելէ ետք, զայն պիտի ուղարկէ Արաբական լիկայի քարտուղարութեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան: Աղբիւրները նշեցին, որ Սուրիա իրաւունք ունի զեկուցումի տուեալներուն դէմ առարկելու, եթէ անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ արաբական երկիրներու նախարարներու ժողովը, որ չորեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ պիտի գումարուի, սուրիական տագնապին վերաբերեալ վճռական որոշումներ պիտի որդեգրէ: Սակայն Արաբական լիկայէն լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրաքի գլխաւորութեամբ արաբական կարգ մը երկիրներ ճնշում կը բանեցնեն, որ Սուրիոյ նկատմամբ վճռական որոշումներու որդեգրումը յետաձգուի: Աղբիւրները կը նշեն, որ «իրաքցիները յաւելեալ ժամանակի համար ճնշում կը բանեցնեն` արգելակելու համար սուրիական թղթածրարը Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցելու գաղափարը»:

Աղբիւրները «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեցին, որ կարգ մը արաբական երկիրներու ոչ վճռական կեցուածքները լուծումը կ՛արգելակեն եւ կացութիւնը կը բարդացնեն: Ըստ անոնց, իրաքեան միջնորդութիւնը սուրիական վարչակազմին եւ անոր դաշնակից Իրանի կողմէ արաբական ու միջազգային պատժամիջոցներէ ձերբազատելու եւ սուրիական տագնապի միջազգայնացումը կանխարգիլելու վերջին փորձ մըն է:

Share this Article
CATEGORIES