ՇԷՅԽ ՆԱՊՈՒԼՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՍԵՄ ՀԱՇԵՄԸ

Շէյխ Նապուլսիի հետ հանդիպման պահուն

Իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրինագիծը:

Շէյխ Նապուլսի յայտնեց, որ ընտրական որեւէ օրինագիծ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը չի դրսեւորեր, յարմար պէտք չէ նկատել: «Մենք կը զօրակցինք ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որուն հիման վրայ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան ազգային էութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը բաղկացնող տարբեր շերտերը: Անհրաժեշտ է որդեգրել այնպիսի օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ բոլոր լիբանանցիները քաղաքացիներ կը նկատուին եւ ոչ թէ այս կամ այն համայնքին կամ յարանուանութեան պատկանող տարբեր քաղաքայիններ», նշեց ան:

Իր կարգին, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոմանք կը փափաքին լիբանանցիները առաջնորդել դէպի սխալ գրաւներ եւ քաղաքական մահացու ուղեգիծեր:

Share this Article
CATEGORIES