ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Սաֆատի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնն ու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի ծրագիրը, որուն նախագիծը սկսած է քննարկուիլ կառավարութեան կողմէ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել, որ երկրին ապահովական իրավիճակը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահին: Քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան ներկայացուած ընտրական օրինագիծը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ, նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէ եւ մարոնի համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոսը:

Share this Article
CATEGORIES