ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Արամ Ա. կաթողիկոս` Իրանեան դեսպանատան պատուիրակութեան հետ

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներուն:

Այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառին փոխանցել էր Իրանի պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով: Այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու  կացութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES