ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին թելադրանքով` մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին եւ Հարես Շեհապի, այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքը զինք ներկայացնող պատուիրակութիւնը գործուղած է սէյիտ Հասան Նասրալլայի մօտ անոր շնորհակալութիւն յայտնելու` իր ընտրութեան առիթով սէյիտ Նասրալլայի շնորհաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի, Պաալպեքի եւ Հըրմելի մէջ Ռայի պատրիարքին արժանացած ժողովրդային ընդունելութեան առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ տեղական, շրջանային եւ տարբեր թղթածրարներու վերաբերեալ փոխադարձ խորհրդակցութիւններն ու կապը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:
Հանդիպումին ընթացքին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով Ապատի Ռայի պատրիարքին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:
Ապատի նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ 17 յունուար 2012-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով Արաբական լիկային հետ Սուրիոյ ստորագրած արձանագրութեան` Ապատի յայտնեց, որ այդ քայլը դրական է` աւելցնելով սակայն, որ որեւէ երկրի մէջ հարցերը պէտք է լուծել տուեալ երկրի ժողովուրդին եւ վարչակարգին միջեւ:


