ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԿԷՏԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը երէկ իր համաձայնութիւնը յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի` Ֆրանսայի խորհրդարանի օրակարգին վրայ մնալուն եւ 22 դեկտեմբերին քննարկուելուն առնչութեամբ:
Ան նշեց, որ այդ օրինագիծը արգելակելու համար Փարիզ ժամանած թրքական պատուիրակութիւն մը հանդիպումներ կ՛ունենայ ֆրանսացի երեսփոխաններու եւ պաշտօնատարներու հետ:
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը «Ազդակ»-ին նաեւ յայտնեց, որ ֆրանսահայութիւնը հինգշաբթի` օրինագիծի քուէարկութեան օրը, խորհրդարանին առջեւ ցոյց պիտի չկատարէ, այլ` թուրքերը, որոնք այս առումով պատրաստութիւններ կը տեսնեն:
CATEGORIES Հայկական

