ՊԵՐԵԶՈՎՍՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԵՄԱՏԷ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի PanARMENIAN.Net կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ այսօրուան հաւաքականը տարբեր է նախորդներէն:
«Նախապէս, մեր խումբը աւելի պաշտպանողական խաղաոճ կը կիրարկէր, մինչ այսօր մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք մեր յարձակողականին, որուն շնորհիւ Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եւրօ-2012) զտումի մրցումներուն նշանակեցինք 22 կոլ: Մենք մրցում կը կատարէինք յաղթելու նպատակով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ նշանակենք 22 կոլ, եւ ասիկա կը նկատուի շատ բացառիկ արդիւնք: Վերջին 6-7 տարիներուն մեծ աշխատանք տարուեցաւ խումբը օժտելու երիտասարդ մարզիկներով, ինչ որ օգնեց մեզի, որ հասնինք նման արդիւնքի: Այսինքն, մէկ խօսքով, կը կարծեմ, որ մեր հաւաքականը կը նմանի Պարսելոնայի, ոչ թէ ոճով, այլ` մօտեցումով»: