ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան  քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին եւ նախագահութեամբ Ռեբիկ Կէօզիւպէօյիւքեանի, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերի առաւօտուն բացումը կատարուեցաւ Կաղանդի աւանդական տօնավաճառին` «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Տըպպայէ:

Քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանի, օրուան նախագահ` Ռեբիկ Կէօզիւպէօյիւքեանի եւ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Ասատուրեանի կողմէ սրահի մուտքին կարմիր ժապաւէնի հատումով պաշտօնապէս բացուած  յայտարարուեցաւ ձեռնարկը: Յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Ասատուրեան իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով  տօնավաճառի նպատակն ու ցուցադրուող գոյքերու բնոյթը: Ասատուրեան բարձր գնահատեց տիկնանց  յանձնախումբի նախկին ատենապետ, օրուան նախագահ Ռեբիկ Կէօզիւպէօյիւքեանի երկարամեայ գործունէութիւնը` ի նպաստ քոլեճին ու անոր սաներուն: «Ան գուրգուրացող ընկերուհի էր տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն եւ իր բարի ու ազգօգուտ խորհուրդներով կ՛առաջնորդէր յանձնախումբի անդամներն ու անոնց գործունէութիւնը», ընդգծեց Սոնա  Ասատուրեան:

Իր կարգին, խօսք առաւ  օրուան նախագահը, շնորհակալութիւն յայտնելով  տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն` անոնց այս նախաձեռնութեան համար: Կէօզիւպէօյիւքեան յայտնեց, որ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ  ինքզինք իր հարազատ ընտանիքին մէջ կը զգայ իբրեւ յանձնախումբի նախկին ատենապետ եւ  ծնողք: Ան յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբի գործունէութեան եւ վերելք` քոլեճի աշակերտութեան:

Այս առիթով  պատասխանելով  «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ իբրեւ ծնողք ու ընտանեկան առօրեայ հոգերով եւ գործերով ծանրաբեռնուած  հայուհիներ, ինչպէ՞ս կը յաջողին համակարգել իրենց  գործերը, տիկնանց յանձնախումբի  ատենապետ Սոնա  Ասատուրեան եւ յանձնախումբի  երկարամեայ անդամ Սիլվա  Գալայճեան-Խաչերեան  յայտնեցին. «Երբ գործ մը սիրելով կ՛ընես, անպայման որ յաջող կ՛ընթանայ»:

Անոնք դրուատիքով անդրադարձան Ռեբիկ Կէօզիւպէօյիւքեանի գործունէութեան` նշելով, որ ան եղած է դպրոցի տարիներու բարերար: Իսկ այս տարի, յատուկ նախաձեռնութեամբ Ռ. Կէօզիւպէօյիւքեան հազար ամ. տոլար նուիրեց քոլեճին: Անոնք կրկնեցին իրենց երախտագիտութեան զգացումները օրուան նախագահին նկատմամբ` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Քոլեճի անձնակազմին, ծնողներուն ու բարեկամներուն եւ ոչ հայ հիւրերու ներկայութեան  բացումը կայացած այս տօնավաճառը կ՛ընդգրկէ հայկական աւանդական  ու Կաղանդի յատուկ նուէրներ, հայրենակցական միութիւններու անդամներուն կողմէ պատրաստուած ձեռագործներ, յուշանուէրներ, զարդեղէններ, մրգեղէն, խաղալիկներ եւ այլն: Սրահը զարդարած այլազան սեղաններուն վրայ ուշագրաւ էին նաեւ «Հայ ֆուտ-ի պատրաստած օրուան յատուկ ճաշերն  ու անուշեղէնները, հայկական ընտիր գինին եւ այս առիթով տիկնանց յանձնախումբին պատրաստել տուած յատուկ  «թի-շըրթ»-ները:

Տօնավաճառը կը շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES