ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Հանդիպման ներկայ էին արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ քաղաքական վերջին զարգացումները շրջանային մակարդակով, մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին առնչուող հարցերը:
Դեսպանը քննադատեց արտաքին ոտնձգութիւնները Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ եւ հաստատեց ժողովուրդներու ազատ կամքը ազգային բարենորոգումներ կատարելու: Ան այս առիթով հրաւիրեց հոգեւոր տէրը մասնակցելու իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողովին, որ նախատեսուած է յունուար 2012-ին Պէյրութի մէջ` կազմակերպութեամբ Իսլամ-քրիստոնեայ արաբական կեդրոնին եւ Իրանի դեսպանատան:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը քաջալերեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ շրջանի հարցերը լուծուին համերաշխութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով:
Հանդիպման աւարտին հոգեւոր տէրը դեսպանէն խնդրեց, որ իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցէ Իրանի նախագահին եւ հանրապետութեան հոգեւոր պետին: