ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստական նորարարութեան լիբանանեան-եւրոպական կեդրոնի մէկ խմբակին հետ` ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆըրնի: Այս առիթով նախարար Սապունճեան իր նախանձախնդրութիւնը յայտնեց զարկ տալու գործատէրերու, յատկապէս փոքր ու անհատ գործարարներու կողմէ նշեալ կեդրոնի գործունէութեան ծանօթացումին:

Սապունճեան թելադրեց «Արտադրող Լիբանան» նշանաբանով աշխատանքի յատուկ ծրագիր մը մշակել յառաջիկայ հանգրուանին համար` ընդլայնելով արտածումի եւ մրցակցութեան կարողականութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES