ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖԱՍԻԷԻ ՀԵՏ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պեռնար Ֆասիէի աշխուժ գործունէութեան համար: Ֆասիէ վստահութիւն յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, եւ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահի պաշտօնին մէջ իրեն փոխարինող Ժաք Ֆոր եւս պիտի շարունակէ ջանքեր ներդնել այդ ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, այս շաբաթ աւելի կանուխ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մինսքի խմբակի գլխաւոր ձեռքբերումը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն խուսափիլն էր:
Ան նշեց, որ թէեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ ճեղքում չկատարուեցաւ, սակայն որոշակի յառաջընթաց կարելի եղաւ ձեռք բերել: Ան ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի մեծագոյն ձեռքբերումը Մատրիտեան սկզբունքներու մշակումն էր:
«Մինչեւ դեկտեմբեր 2007, երբ այդ սկզբունքները մշակուեցան, համանախագահները գործունէութեան միասնական ծրագիր ընդհանրապէս չունէին», ըսաւ Ֆասիէ:
Խօսելով վերջին տարիներու բանակցային աշխուժ հանգրուանին մասին` Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նախկին համանախագահը խոստովանեցաւ, որ միջնորդներու հիմնական յոյսերը կապուած էին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն` այս տարուան յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման հետ: «Դժբախտաբար մեր այս յոյսերը չարդարացան», ըսաւ Ֆասիէ` նշելով, որ Քազանի հանդիպման ժամանակ սեղանին վրայ դրուածը Մատրիտեան սկզբունքներու` 2010-ի սկիզբը մշակուած նորացուած տարբերակն էր:
Բանակցային հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող միւս դրական կողմը, որուն մասին Պաքուի մէջ խօսեցաւ ֆրանսացի դիւանագէտը, տագնապի գօտի կատարուած յաճախակի այցելութիւններն են:
Ֆասիէ ընդգծեց, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Մինսքի խմբակը հինգ անգամ կտրած է շփման գիծը: Ատիկա աւելին էր, քան 1994-էն մինչեւ 2010-ը ինկած 16 տարիներուն կատարուած այցելութիւնները:
Ըստ անոր, Մինսքի խմբակի ձեռքբերումներն էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններուն մէջ 2005-ին եւ 2010-ին իրականացուած փաստահաւաք առաքելութիւնները:
Պեռնար Ֆասիէ բաւական յոռետեսօրէն տրամադրուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջազգային այլ ատեաններ տեղափոխելու հեռանկարներուն վերաբերեալ:
«Չեմ կարծեր, որ ղարաբաղեան տագնապի նման տագնապներ կարելի է լուծել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն միջոցով` առանց կողմերու ցանկութեան եւ փոխադարձ զիջումներու դիմելու պատրաստակամութեան: Եթէ ՄԱԿ-ի բանաձեւերով ըլլար, ապա Իսրայէլի եւ Պաղեստինի տագնապը շատոնց արդէն լուծուած կ՛ըլլար», շեշտեց ֆրանսացի դիւանագէտը: