ԱԿՆԱՐԿ. ՓԱՐԻԶ-ԱՆԳԱՐԱ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՏՈՄՍԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ

Եթէ մետասաներորդ պահուն կացութիւն փոխող որեւէ հիմնական միջամտութիւն չըլլայ, ապա Ֆրանսայի Ազգային ժողովին քննարկման եւ քուէարկումին կը դրուի պաշտօնական Փարիզի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումի քրէականացման օրինագիծը: Անգարան խուճապի մատնուած  ըլլալու երեւոյթներ կը դրսեւորէ: Ի հարկէ պարագայական հակազդեցութիւններ չեն ցուցաբերուած դրսեւորումները: Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն հրապարակած լրատուութիւններու տեսակն ու բովանդակութիւնը որոշ չափով կը նախանշեն թրքական հակազդեցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները:

Այսպէս. երեքշաբթի առաւօտ թրքական զանգուածային որոշ լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած էին լրատուութիւն, ըստ որուն Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունած է  Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ինչպէս կը յայտնէր  «Թըրքիշ Էն Ուայ»-ը, օրինագիծը ընդունուած էր 106 կողմ եւ 19 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Եթէ այնպէս պատահած ըլլար, որ թրքական լրատուամիջոցը պարզապէս յայտնէր լուրը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ, կարելի կ՛ըլլար մեկնաբանել, թէ բոլորովին չի բացառուիր թիւրիմացութիւնը, շփոթը կամ թիւրըմբռնումը հարցին: Շփոթը այս պարագային կրնար վերաբերիլ հարցին օրակարգին մէջ ներառումին կամ կառավարութեան համաձայնութեան տալուն: Թէեւ անտեղեակութիւնը այս պարագային եւս կրկնակի կ՛ըլլար, քանի որ քննարկման ներկայացուելիք օրինագիծին մէջ չի յիշուիր Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ` Ֆրանսայի կողմէ պաշտօնական ճանաչում ունեցող ցեղասպանութիւնները:

Այս վարկածին հաւանականութիւնը բացառուած է, որովհետեւ լրատուութեան կը հետեւի քուէարկութեան պատկեր: 106 կողմ եւ 19 դէմ քուէներու յարաբերակցութեան արձանագրութիւնը թրքական լրատուութեան մէջ կը մատնէ ապատեղեկատուութեան միտումը: Այստեղ եւս ճշդումի կարգով մամուլին մէջ նշուեցաւ, որ քուէներու թիւի այս պատկերը, որ այժմ կ՛օգտագործուէր, 2006-ի քուէարկութեան ընթացքին արձանագրուած պատկերն էր:

Ասոր զուգահեռ, «Հապեր Թիւրք»-ը կը յայտնէր, որ Փարիզի «Լը Կրան Հոթել» պանդոկը մերժած է  տեղ տրամադրել թուրք գործարարներու պատուիրակութեան, որ մտադիր էր խորհրդաժողով կազմակերպել` քննարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Շարունակենք քարոզչական այս ուղեգիծի դրսեւորումներուն տարբերակներուն ներկայացումը: Երէկուան լրատուութիւններուն մէջ կ՛երեւէին «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի բացայայտումները, որոնց համաձայն` Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին մերժած է   Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունենալ: Կիւլ ուզած է անձամբ խօսիլ Ֆրանսայի նախագահին հետ` ներկայացնելու համար իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ:

Այստեղ աւելի լուրջ է պատգամը, որովհետեւ լրատուամիջոցը վկայակոչած է նախագահ Կիւլի աշխատակազմը, ըստ որուն Էլիզէի պալատը իրազեկուած էր, որ Կիւլը կ՛ուզէ անձամբ խօսիլ Սարքոզիի հետ, սակայն, չէ ընդառաջուած: Որուն դիմաց, Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ յայտնուած է կոչ` արգելակելու օրինագիծին ընդունումը: Նախագահ Կիւլ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը յուսայ, որ  Ֆրանսա չի զոհաբերեր Անգարայի ու Փարիզի բազմամեայ բարեկամութիւնը, «մանր քաղաքական հաշուարկներու համար»:

Օրինագիծի ընդունման պարագային, ըստ թրքական հրապարակումներուն, Անգարա պիտի դիմէ հակազդեցութեան հետեւեալ քայլերուն.

1.- Տուն կանչել Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը. նաեւ պահանջել տուն կանչել Անգարայի մէջ գործող Ֆրանսայի դեսպանը: Այստեղ կար լրացուցիչ տեղեկութիւն, որ Փարիզի թուրք դեսպանը արդէն ապահոված է Փարիզ-Անգարա օդանաւի իր տոմսը եւ սպասման վիճակի մէջ է :

2.- Փարիզէն տուն կը կանչուին թուրք զինուորական կցորդները, չեղեալ կը յայտարարուին նաեւ Անգարայի մէջ ֆրանսացի զինուորական կցորդներու հաւատարմագիրները:

3.- Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը դադրեցուի հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը:

4.- Թուրքիոյ օդային տարածքը ամբողջովին փակ պիտի մնայ ֆրանսական ռազմաօդային ուժերուն համար:

5.- Պիտի արգիլուի ֆրանսական ռազմածովային ուժերու նաւերու մուտքը Թուրքիոյ ջրային տարածք:

6.- Թուրքիան միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ այսուհետեւ պիտի չպաշտպանէ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը:

7.- Թուրքիան կը դադրեցնէ Ֆրանսայի հետ համագործակցութիւնը գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ:

Թրքական լրատուամիջոցները աւելցուցած են, որ  պատժամիջոցները այսքանով պիտի չսահմանափակուին:

Թրքական ապատեղեկատուութիւն, սպառնալիքներ, ցոյցեր եւ թուրք դիւանագէտներու համար ապահովուած օդանաւի միակողմանի տոմսեր քարոզչաքաղաքական ընդհանուր քաղաքականութեան տարբեր օղակներն են, որոնք ճնշամիջոցի զարգացման համար օգտագործելի խաղաթուղթեր են պարզապէս: Եթէ ոչ այս տարողութեամբ, ապա միեւնոյն թափով սպառնալիքներու ականջալուր եղան իրադարձութիւններուն հետեւողները, երբ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ժամանակաւոր տուն ուղարկել տուաւ Փարիզի մէջ գործող օրուան թուրք դեսպանը:  Եթէ մետասաներորդ պահուն որոշման կեդրոններէ միջամտութիւն չկատարուի, միակողմանի տոմսը շատ հաւանաբար կ՛օգտագործուի:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES