ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց դոկտ. Պուլոս Ռուհաննան, որ վերջերս ընտրուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նոր ընդհանուր քարտուղար: Դոկտ. Ռուհաննային կ՛ընկերանար խորհուրդի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի տնօրէն Սեդա խտըշեան:

Ընդհանուր քարտուղարը վեհափառը տեղեակ պահեց վերջին ամսուան ընթացքին իր եւ խորհուրդի զանազան բաժանմունքներուն կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ կարգ մը մտահոգութիւններու մասին` իմանալու համար անոր տեսակէտը: Վեհափառը` իբրեւ նախագահ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, շեշտեց եկեղեցի-խորհուրդ գործակցութեան առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ` միջ-եկեղեցական միասնականութիւնը աւելի խորացնող ծրագիրներու մշակումը: Վեհափառը նաեւ թելադրեց ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւններ տալու շրջանի եկեղեցիներու պետերուն` իմանալու համար եկեղեցիներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները:

Աշխատանքային այս հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ, որ վեհափառը նաեւ պարզէ իր տեսակէտները խորհուրդի վարչակազմակերպչական մարզին առնչուած շարք մը խնդիրներու գծով:

Յայտնենք, որ նոր ընտրուած գործադիր վարչութիւնը առաջին լիակատար հանդիպումը պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` յառաջիկայ մարտ ամսուան աւարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES