ԹՐՔԱԿԱՆ ԲՈՒՌՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

Ֆրանսայի խորհրդարանը երէկ աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննարկումներէ ետք որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան Վալերի Պուայէի առաջարկով:

Ան խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ թրքական սպառնալիքները չեն յարգեր Ֆրանսայի գերիշխանութիւնը, եւ իր գործընկերներուն կոչ ուղղեց որդեգրելու օրինագիծը, որ «որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ»:

Երեսփոխան Ժան Քրիսթոֆ Լակարտ ըսաւ, որ Նոր կեդրոն խմբակցութիւնը գոհ է այս օրէնքի բնագիրին հաւասարակշիռ բովանդակութենէն: «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը աւելի ուշ որդեգրուած է, քան հրէականը, եւ ես կը կարծեմ, որ այս օրէնքի որդեգրումը Ֆրանսայի համար անհրաժեշտ յառաջընթաց մըն է», ըսաւ ան:

Ըստ Լակարտի, ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է դատապարտել, հակառակ պարագային անիկա պիտի դառնայ նոր ցեղասպանութեան հիմք, եւ ֆրանսացի երեսփոխանները իրաւունք չունին աչք փակելու ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն երեսփոխան Ռընօ Միւսելիէ յայտարարեց, որ Թուրքիա իր միջազգային դիրքը պիտի ամրապնդէ, եթէ Գերմանիոյ նման իր անցեալը ընդունի: Ան անուղղակի կերպով Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարարութեան պատասխանելով ըսաւ, որ այս օրինագիծը Թուրքիոյ, թուրք ժողովուրդին կամ Ֆրանսայի թուրք համայնքին դէմ ուղղուած չէ:

Ըստ Միւսելիէի, այդ օրէնքը կը համապատասխանէ հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն: «Անգամ մը եւս ըսենք, որ այս օրէնքը Թուրքիոյ դէմ չէ եւ որեւէ համայնքի շահերը չի պաշտպաներ: Անիկա պարզապէս թոյլ կու տայ ժխտողականութեան երեւոյթէն պաշտպանուելու: Եւ վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն պատիւ պիտի բերէ իրենց պատմութեան հայեացք նետելը», ըսաւ Միւսելիէ:

Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ կարծիքի ազատութիւնը եւ քարոզչութիւնը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել: Ան ընդգծեց, որ քննարկուող օրինագիծը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ պետական քարոզչութեան դէմ:

Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան խօսելով խորհրդարանին մէջ տիրած մթնոլորտին մասին յայտնեց, որ «երկու բան շատ դիպուկ էր: Նախ ըսեմ, որ քննարկումներուն համար միայն մէկուկէս ժամ տրամադրուած էր, սակայն անոնք տեւեցին երեքուկէս ժամ, ինչ որ ինքնին կը վկայէ քննարկումներուն բուռն ըլլալուն մասին: Սակայն ըսեմ, որ արտայայտուող երեսփոխանները` ըլլան անոնք աջակողմեան, թէ ձախակողմեան, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, շատ յստակ կերպով մինչեւ ծայր գացին օրինագիծի որդեգրման համար` զայն տեղադրելով ֆրանսական օրէնքի սահմաններուն մէջ, պաշտպանելու համար Ֆրանսայի հայ քաղաքացին, որ օրէնքով կ՛ուզէ պաշտպանուիլ թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութենէն:

«Երկրորդ յստակ կէտը այն էր, որ թրքական պետութեան վերջին օրերու բոլոր սպառնալիքները, ճնշումներն ու շանթաժները շատ յստակ կերպով դատապարտուեցան ֆրանսացի երեսփոխաններուն կողմէ, որոնք յայտնեցին, որ Թուրքիան սպառնալու փոխարէն պէտք է իր պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ , եթէ կ՛ուզէ մեծ պետութեան մը տիպար դիմագիծ ունենալ»:

Խօսելով օրինագիծի քննարկման ընթացքին թրքական սպառնալիքներուն վերաբերող արձագանգներուն մասին` Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց, որ երեսփոխանները շատ յստակ ձեւով մերժած եւ դատապարտած են թրքական սպառնալիքները: «Անոնք ըսին, որ այս հարցին մէջ Թուրքիան միայն լսող կրնայ ըլլալ, որովհետեւ ինք դասեր ունի քաղելիք եւ ոչ թէ դասեր ունի տալիք, այդ ալ Ֆրանսայի նման պետութեան մը, որ համամարդկային արժէքներու ախոյեան կը նկատուի»:

Վարժապետեան յայտնեց, որ թուրքերը խորհրդարանին առջեւ մեծաթիւ ցոյց մը կատարած են, սակայն թրքավարի ցոյց մը, որուն ընթացքին բոլոր պաստառներն ու կարգախօսերը հակաֆրանսական եւ ցեղապաշտական էին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դէմ եւ ոչ թէ հայութեան, ինչ որ առիթ մը եղաւ, որպէսզի այն ֆրանսացիներն ու եւրոպացիները, որոնք նոր Թուրքիայով հմայուած են, տեսնեն, թէ ո՛վ է նոր Թուրքիան:

Գնահատելով քուէարկութեան արդիւնքը` Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց, որ «անիկա արդիւնքն է հայ համայնքի բոլոր հոսանքներուն միացեալ հետապնդումին եւ պայքարին: Բնականաբար, զայն դրական կը գնահատենք: Շնորհակալ ենք աջակողմեան եւ ձախակողմեան այն բոլոր երեսփոխաններուն, որոնք կրցան իրենց բարձրութեան վրայ մնալ եւ ի նպաստ այս օրէնքին քուէարկեցին: Անշուշտ, որոշ վերապահութիւն կը պահենք յաջորդ քայլերուն նկատմամբ: Այժմ այս օրինագիծը պէտք է ծերակոյտին մէջ եւս վաւերացուի: Մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ յունուարին ծերակոյտը եւս հետեւի խորհրդարանի դրական օրինակին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այս օրինագիծը միանգամընդմիշտ Ֆրանսայի տարածքին օրէնքի ուժ ստանայ»:

Ան աւելցուց, որ «վստահ ենք, որ Ֆրանսայի յաջողութիւնը նաեւ օրինակ պիտի ծառայէ այլ երկիրներու` մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մեր հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիր ունին, սակայն վստահ ենք, որ Ֆրանսան իբրեւ օրինակ եւ խթան պիտի ծառայէ արեւմտեան աշխարհի մնացեալ պետութիւններուն»:

«Ճիշդ է, որ այս օրինագիծին որդեգրումը նախ եւ առաջ ֆրանսայի հայ համայնքի յաջողութիւնն է, սակայն անիկա յաջողութիւնն է նաեւ համայն հայութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան, որ տասնամեակներ ամբողջ, երբ աշխարհը խուլ ականջներով կը մօտենար եւ տակաւին պետականութիւն չունէինք, սփիւռքի տարածքին տքնաջան աշխատանքով տասնամեակներ խուլ եւ փակ ականջներու առջեւ պայքարեցաւ, եւ այսօրուան յաջողութեան պտուղը անպայման որ կ՛երջանկացնէ այն բոլոր երախտաւորները, որոնք տասնամեակներ շարունակ պայքարած են եւ այսօր չկան մեզի հետ»:

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա որոշած է Ֆրանսայի հետ իր քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր ժողովները ջնջել, պաշտօնական հաղորդակցութիւնը դադրեցնել եւ զինուորական համաձայնագիրները սառեցնել: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման որոշումը Ֆրանսայի հետ յարաբերութեան մէջ դժուար բուժելի վէրք մը պիտի բանայ, եւ ցեղապաշտական ու խտրականութեան հիմամբ կատարուած է:

Նախքան օրինագիծի որդեգրումը Էրտողան յայտարարած էր, որ «չպատասխանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հեռաձայնի զանգին,  Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի քաղաքական մեծ սխալ կը գործէ»: Ան ըսած էր, որ «Թուրքիան օրինագիծի որդեգրման պարագային գործադրուելիք գործողութիւններու փուլային նախագիծ կը պատրաստէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ օրինագիծի որդեգրումը թուրք ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք է: Ըստ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Տաւութօղլուին հեռաձայնելով յայտնած է, որ «դուք գիտէք հայկական վարկածներուն վերաբերեալ օրինագիծին նկատմամբ մեր կեցուածքը, եւ մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք չէ վատթարանան»: Տաւութօղլու պատասխանած է հարց տալով. «Եթէ Փարիզ երթամ եւ ինծի այդ վարկածներուն վերաբերեալ հարցում ուղղուի, լուռ մնա՞մ, թէ՞ ըսեմ, որ ֆրանսական խորհրդարանը այս հարցէն աւելի տեղեակ է»` աւելցնելով, որ «յամենայն դէպս, պիտի չլռեմ եւ ճշմարտութիւններուն մասին պիտի խօսիմ»:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի` իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի հեռաձայնի զանգերուն պատասխանել մերժելու կեցուածքին` Տաւութօղլու նշեց, որ «քաղաքակիրթ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, եւ նոյնիսկ պատերազմի կացութեան մէջ կարելի է տեսակէտ փոխանակել»: «Այս հեռաձայնի զանգերուն պատասխանելու իրենց մերժումը ցոյց կու տայ, թէ մեզի ոչինչ ունին ըսելիք»:

Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Անգարա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուն տուն կանչեց: Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին` այդ քայլը ժամանակաւոր է:

«Միլլիյէթ» իր կայքէջին վրայ գրեց, որ «Ֆրանսա «Հայոց ցեղասպանութեան» ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը որդեգրեց: Այսուհետեւ «ցեղասպանութիւնը» մերժողները բանտ պիտի նստին»: «Սապահ» գրեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուեցաւ: Իսկ օրինագիծը պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն յանձնելու առաջարկը մերժուեցաւ»: «Զաման» օրաթերթը գրեց, որ «հայ-ֆրանսական օրինագիծը որդեգրուեցաւ: Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան մերժման պարագային ազատազրկում եւ դրամական պատիժի սպառնալիք կայ»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա շեշտեց, որ Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման դէմ իր հակազդեցութեան մէջ պէտք չէ չափազանցէ:

 

Share this Article
CATEGORIES