ՊՕՂՈՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Թէեւ անակնկալ չէր, բայց տխուր լուր էր լսել Պօղոսին մահուան գուժը: Պօղոս Գրիգորեան ծնած է 1939-ին, Սուրիոյ Ղընեմիէ գիւղը: Շատ փոքր հասակին իր ծնողներուն հետ փոխադրուած է Լաթաքիա, հոն ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը: Ան շատ ազնիւ եւ համեստ բնաւորութեան տէր էր, նոյնպէս իր կողակիցը` Մարի Գրիգորեանը:
Ան աւարտած է Ռազմական դպրոցը, ապա ծառայած է Սուրիոյ բանակին մէջ` իբրեւ սպայ:
Տարիներ ետք անոնք փոխադրուած են մայրաքաղաք Դամասկոս եւ հոն հաստատուելէ ետք, 1965-1966 տարեշրջանէն սկսեալ, երկար տարիներ պաշտօնավարած է Դամասկոսի Ազգային Զաւարեան վարժարանին մէջ` որպէս թուաբանութեան ուսուցիչ նախակրթարանի դասարաններուն: Շատ սիրուած ուսուցիչ եղած էր` թէ՛ ծնողներուն, թէ՛ աշակերտներուն կողմէ: Թէեւ անզաւակ էր, բայց դպրոցին բոլոր մանուկները անխտիր իր հարազատ զաւակները եղած էին:
Պրն. Պօղոս, երբ Ազգային Զաւարեան վարժարանին մէջ պաշտօնավարեց, հայերէն շատ լաւ կը հասկնար, բայց հայերէնով չէր կրնար արտայայտել իր միտքը, բայց քանի մը տարի ետք այդ հայ մանուկներէն սորվելով` արդէն շատ յստակ կերպով կը խօսէր:
Ան միշտ ըսած է. «Տղա՛ք, հայերէնը լաւ սորվեցէք, միշտ հայերէն խօսեցէք, որպէսզի ձեր մայր լեզուն չմոռնաք»:
Ահաւասիկ տարիներ անցած են, եւ մենք այդ անուշ խօսքերը կը յիշենք: Այս էր մեր բոլորին շատ սիրելի պրն. Պօղոսը (ըսթազ Պուլոսը):
Ան տասը երկար տարիներ պաշտօնավարեց, ապա կրկին Լաթաքիա փոխադրուեցաւ, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք ան իր մահկանացուն կնքեց 11 մայիս 2011-ին: Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը:
Գործընկերուհին`
ԼԻԶԱ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ