ՏԵՍԱԿԷՏ. ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԸ. ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ՛Ք

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական արտաքին քաղաքականութեան վերատեսութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն նուիրուած թուրք դեսպաններու մէկ շաբաթուան վրայ երկարող խորհրդաժողովի առաջին օրուան ընթացքին յայտարարած է. «Պիտի երթանք եւ իւրաքանչիւր հայու խօսինք Ֆրանսայի որդեգրած կեղծաւոր կեցուածքին մասին: Անոնց պիտի ըսենք, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ մեր միջեւ հարցեր կը ստեղծեն»: Այլ խօսքով` ան թուրք դեսպաններուն կը հրամայէ շողոքորթութիւն ընելով հայերուն քթին խնդալ:

Մինչեւ ե՞րբ թուրք պաշտօնատարները պիտի շարունակեն ջայլամի քաղաքականութիւն վարել եւ հինգ տարեկան մանուկներու նման իրենց յանցանքը ուրիշներուն վերագրելու փորձ կատարել: Այստեղ իրապէս կեղծաւոր կեցուածք մը գոյութիւն ունի, սակայն անիկա Տաւութօղլուի նշածին պէս Ֆրանսայի կեցուածքը չէ, այլ` Թուրքիայինը:

Եթէ այսօր հայ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ միջեւ «հարցեր» գոյութիւն ունին, անոնք արդիւնք են Թուրքիոյ վարած ժխտումի քաղաքականութեան եւ ի զուր է զանոնք մերթ սփիւռքահայութեան, մերթ սփիւռքահայութեան մէկ «ծայրայեղական» հատուածին, մերթ Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու վերագրել: Ո՜վ թուրք պաշտօնատարներ, կ՛ուզէ՞ք հայ-թուրք յարաբերութեանց ներկայ կացութեան պատասխանատուն տեսնել. ձեր երեւակայութեան ուժ տալով հեքիաթներ մի՛ հիւսէք, այլ` հայելիին նայեցէ՛ք, ճշմարտութիւնը խոստովանեցէ՛ք, ապա միայն հայերուն դուռը թակելու մասին մտածեցէ՛ք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES