ԼԻՆՕ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԻՐ ԹԻԿՆԱՊԱՀԸ ՍՊԱՆՆՈՂԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսայի (ծանօթ` Լինօ ծածկանունով) երէկ «Ախպար» օրաթերթին հաստատեց, որ իր թիկնապահներէն Ամեր Ֆըսթոքը սպաննող յանցագործը` Ապըտ Ապտալլա Ղազզի, ձերբակալուած է:

Լինօ ընդգծեց, որ Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատուներ հարցաքննեցին ձերբակալեալը, որ խոստովանեցաւ, թէ ինք սպաննած է Ֆըսթոքը` օժանդակութեամբ Ֆաթհի ղեկավար Մունիր Մաքտահի ազգականներէն Աշրաֆ Մաքտահի, որ տակաւին անհետացած է գաղթակայանէն:

Լինօ յայտնեց, որ ձերբակալեալը պիտի յանձնէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES