ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Զօր. Քահուաժի եւ դեսպան Ալի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ  Պերթրան Մատու Ռաքը, որուն հետ քննարկեց զինուորական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական զօրամասի հրամանատար զօր. Օլիվիէ Մեզոնէօվ Տելան. քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ֆրանսական զօրամասին ստանձնած պարտականութիւնները եւ բանակին հետ գործակցելու հեռանկարները:

Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:

Share this Article
CATEGORIES