ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ արձանագրուած պայթումները` դիտել տալով, որ այսօր արաբ դէտերուն առաջին խմբակներուն Դամասկոս ժամանումին զուգահեռ պատահած պայթումներուն նպատակն է Սուրիոյ եւ Արաբական լիկայի միջեւ գոյացած արաբական լուծումը խանգարել:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մշակել ընտրական արդիական օրէնք մը, որ կը պահպանէ բազմազանութիւնը, հաւասարութիւնը եւ քաղաքացիական իրաւունքները` պահպանելով Թաէֆի համաձայնագիրին ոգին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց պետական նշանակումներուն վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյման նախագահեց նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի համակարգումի յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու հեռանկարները: