ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԸ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ֆրանսական մամուլը բնականաբար լայն տեղ յատկացուցած է հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
Ստորեւ` ֆրանսական մամուլին մէջ լոյս տեսած տեղեկատուութիւններու խորագիրները.
– «Լը Փարիզիեն». «Թուրքիա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց»
– «Լ՛Իւմանիթէ». «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրէնք. Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ շատ զայրացած է»:
– «Լը Փուան».«Էրտողան Ֆրանսան ցեղասպանութեան յանցանքով կ՛ամբաստանէ»:
– «Լը Ֆիկարօ». «Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քուէարկութիւնը` Թուրքիոյ զայրոյթը»:
– «Լը Մոնտ». «Թուրքիա Ֆրանսան կ՛ամբաստանէ Ալճերիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով»:
«Լը Մոնտ» նաեւ խմբագրականով մը անդրադարձած է օրինագիծի որդեգրման: Խմբագրականը կը կրէ «Յիշատակի օրէնքները դժբախտաբար ոչինչի կը ծառայեն» խորագիրը. այդտեղ գրուած է. «Ուրեմն ինչո՞ւ հիմա որդեգրել այս օրէնքը: Ընտրական պատճառներով, անշուշտ: Պայմաններու դրդումով օրէնք մըն է, որ առնչուած է քաղաքական ժամկէտերու: Այս կամ այն համայնքի ողբերգական անցեալը այսպէս չեն յարգեր»:
Իվ Փաքալէ «Լը Նուվել Օպզերվաթէօր»-ի մէջ կը գրէ, որ «Թուրքիան մեծ պետութիւն է, սակայն անիկա առանց խղճի խայթի կը սպառնայ մեր ժողովրդավարութեան` պահանջելով ետ վերցնել օրինագիծը»: Ան կը նշէ, որ խորհրդարանին առջեւ ցոյց կազմակերպողը Թուրքիան էր, իսկ «եթէ Ֆրանսա Թուրքիոյ շանթաժին առջեւ տեղի տար, ֆաշականութիւնը արդէն դրան առջեւ պիտի ըլլար»:
Միջազգային լրատուամիջոցներ իրենց կարգին կ՛անդրադառնան օրինագիծի որդեգրման:
«Պի.Պի.Սի.» կայքէջը իր լրատուութիւնը կը խորագրէ. «Թուրքիա կը հակադարձէ Ֆրանսայի «ցեղասպանութեան» օրինագիծին»: «Սի.Էն.Էն.». «Ֆրանսա կ՛որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան օրինագիծը»: «Եուրոնիուզ». «Թրքական զայրոյթ ընդդէմ ցեղասպանութեան ֆրանսական օրինագիծին»: Ամերիկեան «Ինթըրնեշընըլ Հերըլտ Թրիպիուն». «Թուրքիա բուռն կերպով կը հակազդէ Ցեղասպանութեան շուրջ ֆրանսական օրինագիծին»: Գերմանական «Տեր Շփիկըլ». «Հայոց ցեղասպանութեան քուէարկութիւն. Թուրքիա Ֆրանսայի մէջ իր դեսպանը տուն կը կանչէ»: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթ. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը կը զգուշացնէ Թուրքիան. «Ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերեալ հակազդեցութիւնը մի՛ չափազանցէք»:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Թուրքերը ցեղասպանութեան ֆրանսական բանաձեւը ցեղապաշտութիւն կը նկատեն եւ յարաբերութիւնները կը խզեն»: «Ուաշինկթըն Փոսթ». «Թուրքիա բուռն կերպով կը քննադատէ Ֆրանսայի ցեղասպանութեան օրինագիծը»:


