«ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ՉՈՐԴԵԳՐԷ, ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ
«ՍալամՆիուզ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստան կառուցողական դիրքորոշում չորդեգրէ, բանակցութիւնները շարունակելը անկարելի պիտի ըլլայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 2012-ին ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ խաղաղ համաձայնագիր կրնա՞յ կնքուիլ, Մամետով պատասխանած է. «Տակաւին անկարելի է յստակօրէն այդ մասին խօսիլ: Քազանեան վերջին հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը տարբեր խուսանաւումներու կը դիմէ` իշխանութեան ղեկին մնալու համար եւ կը ձգձգէ բանակցութիւններու ընթացքը», ըսած է Մամետով եւ աւելցուցած, որ հայկական կողմէն պէտք է պահանջել, որ կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ այդ հարցին մէջ:


