«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ «Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը մեզի համար անընդունելի է: Եթէ անոնք իրենց վերաբերմունքը կ՛արտայայտեն հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին նկատմամբ, ապա թող իրենց վերաբերմունքը արտայայտեն նաեւ Խոջալուի ցեղասպանութեան, մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներու գաղթական, հարկադիր գաղթական դառնալու փաստին առնչութեամբ»:
Ան աւելցուցած է, որ այդ որոշումը «պարզապէս խնդիրներ պիտի ստեղծէ»:
CATEGORIES Հայկական


