ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՊԱՅՔԱՐ ՄԸ ՏԱՐԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՎԵՐՖԵԼԻ ՎԷՊԸ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՉՎԵՐԱԾՈՒԻ. ԱՅՇԷ ՀԻՒՐԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ
Կիրակի, 18 դեկտեմբերին, «Թարաֆ» թերթի իր էջին մէջ յայտնի սիւնակագիր Այշէ Հիւր այս անգամ կանգ առած է Ֆրանց Վերֆելի նշանաւոր «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին կապուած հարցերու վրայ եւ այս նիւթին շուրջ տուած է այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք շատ ալ ծանօթ չեն հանրութեան:
Մեկնելով Ֆրանսայի խորհրդարանի քուէարկութեան սպասող օրինագիծի խնդիրէն` Այշէ Հիւր նախ յիշած է, թէ անցեալին ի՛նչ փուլերէ անցած էր Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը, որ հիմա ալ կը պաշտպանուէր Ֆրանսայի նախագահական երկու թեկնածուներուն կողմէ: Ուշ կամ կանուխ այս օրինագծին կամ անոր մէկ նմանին հետ դէմ յանդիման պիտի գանք, ըսած է Այշէ Հիւր:
Այշէ Հիւր շատ ալ կողմնակից չէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յառաջ քշուած այն պնդումին, թէ նմանօրինակ պատմական խնդիրները խորհրդարաններու կողմէ չէ որ կ՛որոշուին, այլ կ՛որոշուին պատմաբաններու կողմէ: Ըստ Այշէ Հիւրի, տարօրինակ չէ տեսնել, թէ իրենց ժողովուրդներուն կողմէ ընտրուած խորհրդարանները կը զբաղին նմանօրինակ հարցերով: Իսկ եթէ Թուրքիա կը պնդէ, որ վերոյիշեալ օրինագիծը կը խափանէ Ֆրանսայի մէջ մտածումի ու արտայայտութեան ազատութիւնը, այս պնդումն ալ իր պատասխանը գտած է Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու ատեանին կողմէ, քանի որ այս վերջինը, պատմաբան Թաներ Աքչամի դիմումին ընդառաջելով, արձակած է այն վճիռը, թէ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը պատճառ կը դառնայ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցով զբաղիլ ուզողներուն մտածումի ազատութիւնը կաշկանդուի: Այսինքն, եթէ իմ անցեալս սեւ է, քու անցեալդ աւելի սեւ է:
Այնուհետեւ Այշէ Հիւր անդրադարձած է Ֆրանց Վերֆելի վէպին, նաեւ` այն խնդիրներուն, որոնք ծագած էին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» ընկերութիւնը որոշած էր շարժապատկերի վերածել այս վէպը: Հիւր կը պատմէ, որ Վերֆել Դամասկոս այցելելու ընթացքին գորգի գործարանի մը մէջ տեսած էր հայ որբ մանուկներ ու առաջին անգամ այսպէս է, որ ան ծանօթացած էր Հայկական հարցին: Վերադարձին ան տեղեկութիւններ հաւաքած է հայկական տեղահանութեան ու Մուսա Լերան պատմութեան մասին: Ինչպէս յայտնի է,
մուսալեռցիները աւելի քան 5000 հոգիով 40 օր դիմադրած էին` պաշտպանուելով զիրենք ոչնչացնել ջանացող թուրք յարձակողներէն: Բայց անոնք աւելի չէին կրցած դիմանալ ու ֆրանսական նաւերով հեռացուած էին Մուսա Լերան իրենց դիրքերէն:
Հետաքրքրական է այն, ինչ որ Հիւր կը պատմէ ֆրանսացիներու կողմէ փոխադրուած այս մուսալեռցիներուն ճակատագրին մասին: Գրեթէ ոչ մէկ երկիր ուզած էր ընդունիլ զանոնք: Երկար սակարկութիւններէ ետք անոնք Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստին մէջ զինուորական կեդրոնի մը մէջ ընդունուեցան առժամեայ աշխատանք տանելու պայմանով: Գաղթականները արկածախնդրական զանազան պատմութիւններէ ետք, դարձեալ Ալեքսանտրեթ վերադարձան, որ այդ շրջանին ֆրանսացիներու տիրապետութեան տակ էր:
Բայց յօդուածին բուն նիւթն է` այն պայքարը, զոր Թուրքիա մղեց «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» շարժապատկերի ընկերութեան դէմ, որպէսզի արգելք ըլլայ Վերֆելի վէպին շարժապատկերի վերածուելուն: Ամերիկացիները վստահ էին, որ ասիկա հրաշալի ժապաւէն մը պիտի ըլլար, բայց Վերֆել դժուար համոզուեցաւ իր վէպին իրաւունքը վաճառելու, ի վերջոյ, 20 հազար տոլարով ծախեց վէպին իրաւունքը:
«Մէյըր» ընկերութեան հասցէին շուտով ազդարարութիւններ եղան, թելադրուեցաւ, որ այդ ժապաւէնը այնպէս մը դարձուի, որ թուրքերը շատ չզայրանան, «Մէյըր» ընկերութիւնը համաձայնեցաւ փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ: Թուրքիա շատ մեծ պայքար բացաւ շարժապատկերի ընկերութեան դէմ: Այդ շրջանին տակաւին ո՛չ հայկական սփիւռքի մասին կը խօսուէր, ո՛չ ալ Հայոց ցեղասպանութեան: Թրքական թերթերու մէջ յօդուածներ կը հրատարակուէին, Վերֆելը կ՛ամբաստանուէր հայկական շատ սուրճ խմած ըլլալու մեղադրանքով: Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը սկսաւ տալ առաջին արդիւնքը, Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարար Կէօպելս Գերմանիոյ մէջ արգիլեց Վերֆելին գիրքը: Միայն թէ ասիկա ուշ էր, որովհետեւ գիրքը արդէն բոլոր գերման հրեաներուն սնարի գիրքը դարձած էր:
1934-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու գիրքեր հրատարակուեցան, եւ այս գիրքերը մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, այն ատեն Թուրքիա սաստկացուց իր պայքարը: Երբ կը մօտենար 24 ապրիլ 1934-ը, այսինքն` տեղահանութեան քսանամեակը, Թուրքիա տեսնելով, որ «Մէյըր» տակաւին չէր հրաժարած շարժապատկերի ծրագրէն, յայտնեց, թէ «Մեթրօ կոլտուին մէյէր»-ի բոլոր շարժապատկերները Թուրքիոյ մէջ պիտի արգիլուին, եթէ ան չհրաժարի այս ժապաւէնը պատրաստելէ: «Մեթրօ կոլտուին»-ի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ֆահիր Իփեքճին ալ ազդարարեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնը մեծ վնասներ կ՛ունենայ, եթէ այս ժապաւէնը նկարահանէ: Այն ատեն «Մէյըր» խոստացաւ կարգ մը փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ: Բայց ասիկա ալ բաւարար չեղաւ Թուրքիոյ համար:
«Ուլուս», «Հիւրրիյէթ» եւ «Ճումհուրիյէթ» թերթերը ազգային դատ նկատեցին այս հարցը եւ նեցուկ կանգնեցան կառավարութեան: Անոնք միշտ նոյն ծանօթ պաշտպանութիւնը կ՛ընէին` ըսելով, որ` «Հայկական հարցը լուծուած է եւ այլեւս մոռցուած է, եթէ այդպէս չըլլար, կարելի՞ էր, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան գտնուէր: «Մեթրօ կոլտուին»-ը հիմա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր փակուած թղթածրար մը դարձեալ օրակարգի բերելով»:
Ակնարկուած հայ երեսփոխանը Պերճ Քերեսթեճեան Թիւրքերն էր: «Թիւրքեր» մականունը Աթաթիւրքին կողմէ տրուած էր իրեն: Թրքական թերթերը կը գրէին, որ Վերֆել հրեայ մըն էր, իսկ «Մեթրօ կոլտուին մէյըրն» ալ հրէական ընկերութիւն էր, ուստի այս դէպքը հայ-հրեայ դաւադրութիւն մըն էր: «Ուլուս»-ի մէջ Պուրհան Պելկէ կը գրէր, որ ասիկա հայկական հեքիաթ մըն է, որ սակայն գրուած է հրեայի մը կողմէ:
Նոյն օրերուն Հայ համայնքի ազգային մարմինը, որ իբրեւ պատանդ կը գործածուէր պետութեան կողմէ, ճնշումի տակ դրուեցաւ, որպէսզի դատապարտէ ամերիկեան ընկերութեան ծրագիրը: «Ճումհուրիյէթ»-ի մէջ Ապիտին Տաւերն ալ հրեայ համայնքի անդամները հրաւիրեց դէմ գալու: «Թուրքիոյ թշնամի հրեաներուն դէմ ամէնէն առաջ դուք էք, որ դէմ դուրս պիտի գաք», կը գրէր ան: Պուլկարիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Յունաստանն ալ, որոնք Թուրքիոյ հետ ստորագրուած Պալքանեան համաձայնութեան շնորհիւ երկրորդ գարուն մը կ՛ապրէին, Թուրքիոյ պաշտպան կանգնեցան այս խնդրին մէջ: Անոնք ալ յայտարարեցին, որ այդ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը պիտի արգիլէին իրենց երկիրներուն մէջ: Յունաստանի պարագան բնաւ զարմանալի չէր, այդ շրջանին երկու երկիրները հաշտուած էին իրարու հետ, Յունաստանի վարչապետ Վենիզելոս Նոպելեան մրցանակի արժանի ցոյց տուած էր Աթաթիւրքը: Վերջին հարուածը եկաւ Ֆրանսայէն, այս երկիրն ալ յայտնեց, թէ «Կոլտուին մէյըր»-ի ժապաւէնները պիտի արգիլուին, եթէ ժապաւէնը նկարահանուի: Այս բոլորէն ետք «Մեթրօ կոլտուին»-ի տնօրէնը հասկցաւ, որ պիտի չկարենար նկարահանել այս ժապաւէնը եւ հրաժարեցաւ ծրագրէն: Այս կերպով պարտութեան մատնուեցան Ամերիկայի ամէնէն հսկայ շարժանկարի ընկերութիւնն ու
Ամերիկայի ազատութեան նշանաւոր սկզբունքը:
Այշէ Հիւր իր յօդուածը կ՛եզրակացնէ հետեւեալ տողերով.
«Այս թուականէն ետք Թուրքիա ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի պատմութեան խորքերուն մէջ թաղէ 1915-ը, եւ հասանք մինչեւ այս օրերը: Հիմա դարձեալ հարց տանք: Եթէ ԱՍԱԼԱ-ի մահափորձերը չըլլային, եթէ խորհրդարաններ որոշումներ չընդունէին 1915-ին հայերու դէմ կատարուածներուն մասին, մենք կը յիշէի՞նք արդեօք հայերու դէմ գործուածները: Ձգեցէք 1915-ը, 2009 թուականի հայկական բացումն իսկ յիշող կա՞յ հիմա: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ այս անգամ ալ այս փորձանքը մեկուսացնելէ ետք մեր ականջներուն վրայ պառկելով` պիտի քնանանք մինչեւ յառաջիկայ 24 ապրիլ: Եւ այնքան ատեն որ մենք պիտի շարունակենք այսպէս ընել, մեզի դէմ նմանօրինակ օրէնքներ պիտի հանուին: Մենք դարձեալ պիտի նետենք-բռնենք, սպառնալիքներ պիտի ընենք: Մինչդեռ «գրականութեան մէջ» գրուած է, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք իրաւական տեսակէտէ»:
«ՄԱՐՄԱՐԱ»