ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի մէջ ծառայող հայ առաքելական եկեղեցիներու սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Արարողութեան աւարտին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան միաբանութենէն Համբարձում վրդ. Քէշիշեանի, Լիբանանի թեմի քահանայից դասուն, ինչպէս նաեւ թեմին մէջ ծառայող սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասուն:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ եկեղեցիներու սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սար֊գիս քհնյ. Սար֊գիս֊եան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը մեզի կը հրաւիրէ կրօնական արարողութեամբ եւ սիրոյ սեղանով սարկաւագներուն տօնը նշելու:

Ճաշկերոյթի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան տուաւ իր պատգամը: Ան ըսաւ, որ միութենական գործունէութիւններու մէջ կազմակերպողները կամաւոր կը պատրաստեն յայտագիր մը կամ ծրագիր մը: Իսկ հոգեւոր ծառայութիւնը կը տարբերի քրիստոնէական հասկացողութեամբ: Բոլորն ալ հրաւիրուած են ծառայելու: Ծառայութիւնը դարձած է մէկու մը բարիքին համար տարուող աշխատանք: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ անիկա Աստուծոյ ծառայելու կամքն է: Հոգեւորականը իր ծառայութեան մէջ անթերի պէտք է ըլլայ, իսկ թաղականութիւնը, տիկնանց միութիւնը, դպրաց դասը նուազ նախանձախնդրութեամբ պէտք չէ ծառայեն: Իսկ դպրաց դասերու պարագային անոնք կը կատարեն Աստուծոյ կամքը: Ան յայտնեց, որ այդ ծառայութեան հետ որակին կարեւորութիւն պէտք է տալ:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը ընդառաջելով թեմի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն փափաքին գնահատանքի եւ օրհնութեան գիր շնորհեց 50 տարիներու ծառայութիւն ունեցող 5 սարկաւագներու` Մովսէս սրկ. Տէր Առաքելեանի, Հրանդ սրկ. Արսլանեանի, Պետրոս սրկ. Պալպուչաքեանի, Զաւէն սրկ. Թորոսեանի եւ Գէորգ սրկ. Պեպեճեանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES