ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 71-62 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շեպիպեթ Քաունթրի Լոճը:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-17, 18-19, 17-11 եւ 18-15:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Երուանդ Աւագեան (19), ապա` Մարիօ Ապպուտ (18) եւ Սեւակ Քեթենճեան (13 եւ 10 էսիսթ):
Մրցումին ներկայ եղող ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրենց կազմը քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
CATEGORIES Մարզական