«ԷՀԼԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ` «ԺՊՏՈՒՆ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ» ԽՄԲԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Կազմակերպութեամբ «Ժպտուն հայ մանուկին բարեկամներ»-ուն եւ գործակցութեամբ «Էհլան» ընկերային կեդրոնին, երկուշաբթի, 26 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի հաւաքոյթ:
«Ժպտուն հայ մանուկին բարեկամներ»-ը խմբակը կը բաղկանայ կիներէ, որոնք ուզած են ժպիտ բերել դէմքին այն մանուկներուն, որոնց չ՛այցելեր Կաղանդ պապան: Հետեւաբար անոնք դիմած են կարգ մը վարժարաններու եւ կեդրոններու, որպէսզի իրենց տրամադրեն անուանացանկեր: Արդ, այդ խումբ մը կիները պատրաստած են ուտելիքներ, նուէրներ, որպէսզի տրամադրուին այդ փոքրիկներուն:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Շողիկ Եփրեմեան, որ 2 ժամ տեւողութեամբ ներկայ գտնուող 70-80 փոքրիկները հրաւիրեց երգելու, արտասանելու, պարելու, խաղալու, զուարճանալու: Աւարտին Կաղանդ պապան մուտք գործելով բաժնեց նուէրներ եւ ժպիտ պարգեւեց բոլոր մանուկներուն:

