ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻ ՄԸ ՍԿՍԱՆ

Քաղաքական տարբեր հոսանքներու պատկանող երիտասարդներ, ներառեալ` իսլամականներ երէկ Ամմանի կենսական հրապարակներէն մէկուն վրայ բաց նստացոյցի մը սկսան` պահանջելով սահմանադրական բարեփոխումներ եւ փտածութեան ներկայացուցիչներու հաշուետուութիւն:

Շուրջ 500 երիտասարդներ Ամմանի Ժամալ Ապտել Նասեր հրապարակին վրայ անձրեւուն տակ նստացոյցի սկսան` ընդառաջելով «24 մարտ շարժումին», որ Դիմատետրի վրայ կոչ ուղղած էր հրապարակին վրայ վրաններ լարելու:

Երիտասարդները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Ժողովուրդը կ՛ուզէ վարչակարգը բարեփոխել», «Ժողովուրդը կ՛ուզէ սահմանադրութիւնը բարեփոխել», «Փտածութեան ներկայացուցիչներուն դատուիլը կ՛ուզենք» եւ «Այո՛ փտածութիւնը արմատախիլ ընելուն», ինչպէս նաեւ բարձրացուցած էին յորդանանեան դրօշներ:

Անոնք կը բացագանչէին` «Ժողովուրդը խորհրդարանի լուծարումը կ՛ուզէ», «Ժողովուրդը սահմանադրութեան բարեփոխումը կ՛ուզէ», ինչպէս նաեւ «Յեղափոխութիւնը կը շրջի, ո՜վ Յորդանան քու կարգդ կու գայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES