ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ալի շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթով:

Իր կարգին, Ռայի դրուատեց Սուրիոյ մէջ որդեգրուած բարեկարգումները` ընդգծելով, որ լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդները երկու երկիրներու մէջ ապրող մէկ ժողովուրդ են:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Արաբական աշխարհին յաւելեալ միասնականութեամբ եւ եղբայրական կեցուածքներով դիմագրաւելու իրենց սպառնացող մարտահրաւէրները:

 

Share this Article
CATEGORIES