ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՔԱԹԻՆ

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի երեսփոխանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիթանիի ծրագիրին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժսըր յայտնեց, որ Պըրրին Լիթանիի ծրագիրին հայրն է ու կնքահայրը: Ան մաղթեց, որ այս ծրագիրը նախքան տարեվերջ կարելի ըլլայ  վաւերացնել:

Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին չվաւերացուի վառելանիւթի պեղման սկսելու յատուկ օրէնքը, ապա ինք տարեսկիզբին խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի մը:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ նախապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յանձնառութիւն յայտնած էին քարիւղի պեղման օրէնքը անմիջապէս վաւերացնելու, սակայն անոնք ձգձգումի քաղաքականութեան դիմած են:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք այլեւս պիտի չհամբերէ այս իմաստով աշխատանքը դանդաղեցնելու մօտեցումին:

Share this Article
CATEGORIES