ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱԽՈՀՆԵՐԸ ՎՐԱՆ ՏԵՂԱԴՐԵՑԻՆ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ
Երէկ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համախոհները Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղադրեցին մէկ հոգինոց փոքրիկ վրան:
Հրապարակը, որ մինչ այդ լեցուն էր ոստիկաններով, վրանի տեղադրման ժամանակ ազատ էր անոնց ներկայութենէն:
Հացադուլի նստած Րաֆֆի Յովհաննէսեանի աջակիցները վստահութիւն յայտնեցին, որ ոստիկանները իրենց գործը պիտի կատարեն, երբ բազմութիւնը եւ լրագրողները հեռանան հրապարակէն: Այդ կը վկայէր վրանին տեղադրումէն ետք բարձրաստիճան ոստիկաններուն ներկայութիւնը:
Ըստ «Երկիր» օրաթերթի, հրապարակ այցելեցին նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի, տարբեր կուսակցութիւններու, Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ: Կարճատեւ այցելութեամբ հրապարակ այցելեց նաեւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Պաղտասարեան: