ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Յարգելու համար իր աւանդութիւնը` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր ամանորի հանդիսութիւն մը, վարժարանի սրահին մէջ, 20 դեկտեմբեր 2011-ին:
Բազմաթիւ մայրեր եւ հիւրեր ընդառաջած էին հրաւէրին, սրահը լեցուած էր, եւ տօնական օրերու երաժշտութիւնը մթնոլորտը կը ջերմացնէր: Սեղան յարդարուած էին չիր ու չամիչով, որով կը փոխանցէր Կաղանդի խորհուրդը:
Հանդիպումին բացման խօսքը ծնողական խորհուրդին անունով ներկայացուց Իսկուհի Գափլանեան, բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեց ներկաները, ապա յայտնեց ձեռնարկին նպատակը, որ ի նպաստ վարժարանի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն էր: Ան շեշտեց հայ վարժարանին կարեւորութիւնը հայապահպանման մարզին մէջ, մասնաւորաբար` մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը, որ կը տրուի միայն հայկական վարժարանին մէջ:
Հանդիսութիւնը հայկական երաժշտութեան ու երգերու ունկնդրութեամբ, ամանորի մօտալուտ օրերու ուրախութիւնը կ՛աւետէր: Իր սրտի խօսքը արտայայտելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ գալիք Նոր տարիով նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: «Անցեալին» կատարուած կամայ-ակամայ սխալները սրբագրելու եւ նման թերութիւններ չկրկնելու կոչ ըրաւ: Մայրերուն թելադրեց կապուած մնալ հայ դպրոցին, որ հայակերտումի, ազգապահպանման միակ կենսատու կրթական օճախն է. ապա անդրադարձաւ նոր սերունդին ուղիղ ճամբաներ ցոյց տալու ծնողական պարտաւորութեան: Լաւատեսութեամբ եւ ոչ թէ յոռետեսութեամբ մեկնաբանեցէք ստեղծուած տագնապները, առանց տրտունջի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ապրած է շատ տագնապալի տարիներ եւ` յաղթահարած: Կարեւորը հայ ապրիլն է` հայկական անուններով, հայ լեզուով, հայ երգով, հայկական պարերով ու աղօթքով, ապա շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին:
Ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշով: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` աշակերտներու կողմէ Կաղանդի յատուկ երգերով:
Վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու Իրմա Ճերեճեան ներկաներուն փոխանցեց իր մաղթանքները, յայտնելով, թէ վարժարանը իր լաւագոյնը կը կատարէ հայ մանուկը դաստիարակելու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ վարժարանին: Հուսկ, եկաւ Կաղանդ պապան, որ զուարճացուց ներկաները իր պարով եւ նուէրներով:
Օրուան յայտագրին վերջին բաժինը յատկացուեցաւ վիճակահանութեան, որմէ բախտաւորուեցան բազմաթիւ մայրեր:
Լաւ կազմակերպուած եւ առիթը յատկանշող ձեռնարկ մը, որ գոհունակութիւն պարգեւեց ներկաներուն:

