ԿԱՂԱՆԴԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԼՕԽ-Ի «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի կէսօրին ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) վարչութիւնը Զալքայի «Մշարապիյէ» ճաշարանին մէջ կայացուց աւանդական դարձած Կաղանդի ձեռնարկ մը:
Մասնաճիւղի աշխուժ եւ ժրաջան վարչութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայած էր ձեռնարկը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վարչականները ճաշարանի մուտքին ներկաները սիրալիր կերպով կ՛ընդունէին` անոնց յանձնելով Շողիկ Էլմայեանի կողմէ տրամադրուած զարդարուած տուրմը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, քոյր մասնաճիւղերէ ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հիւրեր:
Ճաշարանը յաւելեալ գրաւչութիւն ստացած էր «Ֆլաուըրզ Ռապիէ»-ի տրամադրած եւ զարդարած ծաղիկներով:
Վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ փոխանցեց օրուան պատգամը:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, վիճակագրութիւն եւ տիրեց ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտ: