ՇՈՒՐՋ 500 ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐԵԼԻ ՀԻՒՐԵՐԸ

Տօնական օրերուն ընթացքին ուրիշը յիշելը, տօնական մթնոլորտ ու տրամադրութիւն սփռելը եւ ուրախութեան նշոյլներ փոխանցելը հաւանաբար մեծ նուէրի մը համազօր կրնան ըլլալ ոեւէ անձի համար, ուր մնաց, որ այդ անձերը ըլլան ալեհեր ու միայնակ ծերունիներ, որոնք իրենց կեանքին լաւն ու վատը ապրելէ ետք բեղուն աշխատանքով եւ վազքով լի տարիներու թաւալումը կը դիտեն հեռուէն ու կը մնան հեռու այս բոլորէն:

Յատկանշական եւ սրտառուչ էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւնը` նմանները յիշելու եւ անոնց համար տօնական հանդիսութիւն կազմակերպելու, որովհետեւ լոկ նուէրներ կամ օգնութիւն տրամադրելը ծերունիներուն պիտի չյուշէ, որ տօնական օրերու ընթացքին պէտք է ուրախ ըլլալ, պէտք է լիանալ խինդ ու ծիծաղով, նուէրներ առաքելը բաւարար պիտի չըլլայ ըսելու, որ իրենց հետ ըլլալու, պարելու, ցնծութեան ժամեր անցընելու եւ իբրեւ այս ընկերութեան հիմնական մասը զիրենք նկատի ունենալու պատրաստակամ մարդիկ գոյութիւն ունին տակաւին:

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերի յետմիջօրէին տպաւորիչ եւ սրտաշարժ պատկեր պարզուած էր Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր 500 հայ եւ օտար ծերունիներ համախմբուած էին Նոր տարի նշելու եւ յիշելու, թէ տօնական օրեր կ՛ապրինք:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Թալին Լատոյեան-Զալալ, որ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր բնակչութեան սիրալիրութեան, օտարը իբրեւ հարազատ ընդունելու յատկութեան, ինչ որ շրջանին կու տայ բոլորին համար հանգստաւէտ միջավայր ըլլալու իւրայատուկ դիմագիծը: Ան նաեւ նշեց, որ շրջանի բնակչութեան նկատմամբ իր հոգածու վերաբերումէն մեկնած` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած է այս տօնական հանդիսութեան:

Ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ յայտնեց, թէ իր գոյութեան ողջ ընթացքին Պուրճ Համուտը իր սիրտն ու գիրկը լայն բացած է բոլորին դիմաց, հիւրընկալ եղած է բոլորին նկատմամբ, այդ պատճառով ալ մարդիկ ուրախ եւ հանգիստ կը զգան շրջան այցելելով: Ան դիտել տուաւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարտականութիւններէն է հոգալ շրջանին եւ անոր բնակչութեան: Այս իմաստով ալ տօնական օրերուն ընթացքին ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուց մեր ապագան հանդիսացող մանուկներուն եւ պատանիներուն` նուէրներ բաժնելով աշակերտներուն, զանոնք հրաւիրելով ձեռնարկներու, նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող անցորդներուն նուէրներ տալով: Ճ. Գրիգորեանի համաձայն, քաղաքապետութեան համար նոյնքան կարեւոր են նաեւ շրջանի երէցներն ու տարեցները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ծառայած են շրջանին: Ան հաստատեց, որ այդ սերունդին պատկանողները մնայուն կերպով քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն մտքերուն եւ սրտերուն մէջ են, անոնք իրենց ամէնօրեայ աշխատանքով կը փորձեն անոնց կարիքները հոգալ տարբեր ձեւերով: Փոխքաղաքապետը իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ուրախ պահեր ստեղծել տարեցներուն համար` յուսալով, որ անոնք գոհ եւ բարձր տրամադրութեամբ կը վայելեն հանդիսութիւնը:

Ապա մթնոլորտը ճոխացուց Արարատ Ահարոնեան, որ հայերէն եւ արաբերէն երգերով խանդավառեց ծերունիները, որոնք պարեցին, շուրջպար բռնեցին եւ իրենց դանդաղ քայլերով անգամ փորձեցին վայելել պահը:

Պարն ու երգը ընդմիջուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ կատարուած հիւրասիրութեամբ. անուշեղէններն ու պտուղի հիւթերը ծերունիներուն բաժնեցին քաղաքապետութեան անդամներն ու ոստիկանները: Այնուհետեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան 4 Կաղանդ պապաներու եւ ոստիկաններու օգնութեամբ բոլոր ծերունիներուն բաժնեց գեղեցիկ, արժէքաւոր եւ պիտանի նուէրներ:

Ապա շարունակուեցան երգն ու պարը: Սրահին մէջ լուռ նստած մամիկներն ու պապիկները տարբեր տրամադրութեան մէջ էին, իրենց մօտ զգալի էր ուրախութիւնը, նաեւ գոհունակութիւնը` իրենց նկատմամբ եղած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար: Սրահին մէջ ներկայ եղող ոեւէ անձ անպայման պիտի լսէր ծերունիներուն օրհնութիւնները, որոնք բազմաթիւ նուէրներ կ՛արժեն եւ իսկական գոհունակութիւն կը պարգեւեն կազմակերպիչներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES