ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ՔԱՄՓ ՏԷՅՎԻՏ»-Ի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՅԱՐԳԵՆՔ»

Իմատ Ապտել Ղաֆուր

Եգիպտոսի սալաֆական Նուր կուսակցութեան ղեկավար Իմատ Ապտել Ղաֆուր սէուտական «Մատինա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ «այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին առջեւ, բացարձակապէս անարդարանալի է», եւ նշեց, որ «հարցերը անբնական, մտահոգիչ են, զոհերուն թիւը` մեծ, սակարանի իրերայաջորդ վնասներ կան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան աւելի մեծ վնասներ»:

Սալաֆական կուսակցութեան ղեկավարը ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը Իսրայէլի հետ կապ չունի, ոեւէ իսրայէլացի դիւանագէտ չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի, իսկ Եգիպտոս, իբրեւ պետութիւն, յանձնառու է իր միջազգային բոլոր համաձայնութեանց, ներառեալ` «Քամփ Տէյվիտ»-ին, այնքան ատեն որ հակառակ կողմը յանձնառու կը մնայ անոր, իսկ եթէ կառավարութեան մաս կազմենք, պետութեան նոյն կեցուածքը պիտի ունենանք»:

Ինչ կը վերաբերի Եուսրի Համատի վերագրուած եւ անոր կողմէ սրբագրուած յայտարարութեանց, ան վստահեցուց, որ «կը մերժենք Եգիպտոսի կողմէ որեւէ միջազգային համաձայնութեան մէջ ստանձնուած յանձնառութեան խզումը, նոյնիսկ եթէ այդ համաձայնութիւնը բռնատիրական իշխանութեան տակ կնքուած է, ուստի մենք Եգիպտոսի «Քամփ Տէյվիտ»-ի յանձնառութիւնը կը յարգենք, միշտ ջանալով անոր անարդար կէտերը օրինական բոլոր միջոցներով բարեփոխել»` աւելցնելով, որ «մեր այս կեցուածքը բացարձակապէս չի հակասեր արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն նկատմամբ Եգիպտոսի պարտաւորութեանց, ինչպէս նաեւ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման եւ երկխօսութեան բոլոր ձեւերուն: Մենք դէմ ենք կուսակցական կամ ժողովրդային յարաբերութիւններ հաստատելուն` գոյացութեան մը հետ, որ մեր ինքնութիւնը ջնջել կը փորձէ, ինչպէս նաեւ մեր հողերը բռնագրաւած է եւ մեր եղբայրները պաշարած է»:

Սալաֆական կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ իրենք կրօնական պետութեան մը հաստատումը չեն ընդունիր` աւելցնելով, որ իրենք կը պնդեն հաստատման վրայ արդիական պետութեան մը, որ կը յարգէ իշխանութեան բազմազանութիւնն ու անջատումը, կը հսկէ արդարութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ամենայն թափանցիկութեամբ կը պահէ հայրենիքի բոլոր զաւակներուն իրաւունքը:

 

Share this Article
CATEGORIES