ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Սուրի ծովեզերեայ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ այսօր առաւօտեան արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ պատճառեց նիւթական վնասներ:
Բանակի սակրաւորներ ստուգեցին պայթումին վայրը. անոնց աշխատանքներուն իբրեւ հետեւանք փակուեցաւ Սուրի հարաւային բաժինը:
Նշենք, որ մէկ ամիսէ ի վեր Սուրի մէջ այս տիպի պայթումը երրորդն է: Նման երկու պայթումներ թիրախ դարձուցած էին ոգելից ըմպելիներ վաճառող «Քուին Էլիսա» ճաշարանը եւ այլ վաճառատուն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

