ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատաւորներուն եւ աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող հարցեր:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը Տնտեսական նոր ոճ մը որդեգրելու յոյսը կը ներշնչէ: Ան ընդգծեց, որ այս ձեւով նշեալ երկու կողմերը իսկապէս կը գործակցին իրարու հետ, իսկ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդը այս իմաստով կը վերահաստատէ ինքզինք:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն: Նամակին մէջ Սարքոզի ընդգծեց ներկայ հանգրուանին Լիբանանի ազատութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը:
Սարքոզի իր նամակին մէջ ընդգծեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը յարգելու:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը նոյնքան կարեւոր է, որքան երկրին հողերուն պաշտպանութիւնը:

