ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը ուղղակիօրէն առնչուած է Լիբանանի ճակատագիրին:
Ռայի պատրիարքը Մարոնիներու լիբանանեան միաբանութեան անդամները ընդունելու ընթացքին շեշտեց, որ Պքերքէ բոլորին տունն է:
«Մենք բոլորս պէտք է վերադառնանք դէպի մեր արմատները, որովհետեւ աշխարհը հոգեկանութեան կարիքը ունի», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին գահակալութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր: Այդ արարողութեան պիտի մասնակցին պետական ներկայացուցիչներ, ժողովրդային պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ օտար ներկայացուցիչներ:
Կը նախատեսուի, որ այսօր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք մարոնի համայնքի պատրիարքին գահակալութեան արարողութեան մասնակցին սուրիական պաշտօնական եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ: