ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ

Նախարար Տէտէեանը` Հարաւային արուարձաններուն մէջ

Ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան երէկ այցելեց Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող գործարանները, որոնք տուժած էին 2006-ի յուլիսեան պատերազմին պատճառով:

Նախարար Տէտէեան գործարաններուն մէջ բացումը կատարեց նոր զետեղուած սարքերուն, որոնք Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործող կօշկակարութեան, քաղցրաւենիի պատրաստութեան, կաշեգործութեան եւ դերձակութեան յատուկ գործարաններուն յատկացուած էին:

Այդ սարքերուն յատկացումը մաս կը կազմէր «Լէյզըր» կոչուող ծրագիրին, որ գործադրուեցաւ ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի զարգացման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակին կողմէ:

Տէտէեան յայտնեց, որ ներկայիս այդ սարքերուն յանձնումին երկրորդ հանգրուանին աւարտն է` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին համար յատկացուած է մէկուկէս միլիոն տոլարի գումար մը, որ պիտի բաժնուի 41 գործարաններու, որոնք կը գտնուին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Յայտնենք, որ շրջապտոյտին ընթացքին Տէտէեանին ընկերակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի զարգացման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Խալետ Մըքուատ, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն եւ «Լէյզըր» ծրագիրի տնօրէն Նատա Պարաքաթ:

Միւս կողմէ, նախարար Տէտէեան մաղթեց, որ արդիւնաբերութեան մարզին մէջ գործող ճարտարարուեստի բոլոր ներկայացուցիչներուն վրայ պարտադրուած տուրքերուն նուազեցման պահանջը ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ որդեգրուի իբրեւ նոր օրինագիծ, որ ուղղակի կը վերաբերի պետական պիւտճէի ծրագիրին` առանց այդ օրինագիծը կառավարութեան փոխանցելու:

Այլ գետնի վրայ, նախարար Տէտէեան շնորհակալութիւն յայտնեց ելեւմուտքի նախարար Ռայա Հասանին, որ ընդառաջեց երկրէն արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած տուրքերը ջնջելու պահանջին` ընդգծելով, որ անիկա կ՛օժանդակէ ճարտարարուեստի մարզին բարգաւաճման, տնտեսական աճի արձանագրումին եւ յաւելեալ ներդրումներուն ընդմէջէն լիբանանեան պետական գանձարկղին յաւելեալ շահերու ապահովման:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան դերակատարութիւնը նախ եւ առաջ կը կայանայ արդիւնաբերութեան մարզը հովանաւորելու եւ այդ մարզը ընդարձակելու ու ներդրումներու կարողութիւնները բարելաւելու մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

«Լիպան Փաք»ի մրցանքին մրցանակակիրներուն հետ

Նախարար Տէտէեան նախանցեալ օր հովանաւորեց «Լիպան Փաք» ծրարման ճարտարարուեստի կեդրոնին կազմակերպած մրցանքին առիթով կատարուած մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

Մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական նախարար Ատնան Քասսար, ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի զարգացման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Խալետ Մըքուատ, Թուղթի ու ծրարման ճարտարարուեստներու սենտիքայի նախագահ դոկտ. Ֆատի Ժեմայէլ, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաուն:

Նախարար Տէտէեան կարեւոր նկատեց «Լիպան Փաք» ծրարման ճարտարարուեստի կեդրոնին կազմակերպած այս մրցանքը` շեշտելով, որ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը բաւական յառաջդիմած է եւ բարգաւաճում արձանագրած` շնորհիւ Լիբանանի մէջ ծրարման ճարտարարուեստի արձանագրած յառաջդիմութեան:

Տէտէեան նկատել տուաւ նաեւ, որ ծրարման ճարտարարուեստը լիբանանցի արդիւնաբերութեան մարզի պատասխանատուները մղած է ընդարձակելու իրենց աշխատանքները` շուկային ներկայացնելու եւ իրենց արտադրութիւնները արտածելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES