ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ՈՐ ՄԻՔԱԹԻԻ ՎՐԱՅ ՈՒԺԳԻՆ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԲԱՆԵՑՈՒԻ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ եւ Ժոմպլաթ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան Դամասկոսի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ալի Հասան Խալիլ, որ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Նշենք, որ նախքան Դամասկոս իր մեկնումը Խալիլ հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Միւս կողմէ, «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ հերքեց, թէ ինք առաջադրած է Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը` վարչապետի պաշտօնին համար, նշելով, որ Միքաթիի անունին առաջադրումը քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համախոհութեան արդիւնք էր:
Ան դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթըն հսկայ ճնշումներ կը բանեցնէ վարչապետ Միքաթիի վրայ` կառավարութեան կազմութեան առումով:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իր եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնը խզուած է` աւելցնելով, որ ինք Հարիրիի հետ դարձեալ պիտի հաղորդակցի, եթէ Հարիրի վերատեսութեան ենթարկէ իր վերջին յայտարարութիւնները: