ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԱԼԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալ գիւղաքաղաքի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի:
Զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր քաղաքացիներուն հետ կը վարուի հաւասարութեան սկզբունքին հիման վրայ եւ կատարեալ չէզոքութեամբ` առանց ազդուելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններէն:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն շահերը կ՛ենթադրեն, որ Լիբանան զանց առնուի իր սահմաններուն վրայ արձանագրուող զարգացումներուն եւ յատկապէս ապահովական զարգացումներուն ազդեցութիւններէն:
«Բանակը համոզուած է, որ ապահովութեան պահպանումը իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար առաջնահերթութիւն է եւ օր մը օրանց պէտք չէ տեղի տալ` անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով», ըսաւ զօր. Քահուաժի:
Բանակի հրամանատարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան` բանակին նկատմամբ անոր ունեցած վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Պատուիրակութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին` Արսալի մէջ ապահովական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու անոր նախաձեռնութեան համար:
Պատուիրակութեան անունով Հուժէյր շեշտեց, որ Արսալի բնակիչները կը զօրակցին բանակին եւ կը մերժեն որեւէ տեսակի ահաբեկչութիւն: