ՊՈՍՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾ ՄԸ
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոսնիոյ խորհրդարանը յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը: Երեքշաբթի օր այդպիսի նախաձեռնութիւն մը ներկայացուցած է Պոսնիոյ սերպական հատուածի նախագահ Միլորատ Տոտիչ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ այդ փաստի ժխտումը արգիլելու նախաձեռնութիւնը Պոսնիոյ դաշնակցային խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ Տոտիչի Սերպական անկախ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
Պոսնիոյ սերպերու ղեկավարը Պոսնիոյ սերպական հատուածի վարչական կեդրոն Պանիա Լուքա քաղաքին մէջ երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ «մենք կ՛ուզենք մուտք գործել եւրոպական այն քաղաքակիրթ երկիրներու միւս նմանատիպ պետութիւններու շրջանակը, որոնք արդէն իսկ դատապարտած են այդ ցեղասպանութիւնը: Նման առաջարկով նախագիծը յառաջիկայ օրերուն մենք պիտի ներկայացնենք խորհրդարան»:
«Որեւէ կասկած չկայ, որ հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է: Մէկուկէս միլիոն մարդ դաժանաբար սպաննուած է: Եթէ մենք ընդհանուր վերլուծում կատարենք, ապա յստակ կը դառնայ, որ թուրքերը նաեւ սերպերու ցեղասպանութիւն իրագործած են այդ դարաշրջանին մէջ, երբ այս տարածքները անոնց տիրապետութեան տակ էին», նշած է Միլորատ Տոտիչ` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ բացասական հակազդեցութիւնը իրեն համար սպասելի է:
«Թուրքիա այն պետութիւնն է, որ Պոսնիոյ մէջ ամբողջական կերպով կը պաշտպանէ միայն մէկ կողմի` պոսնիացի մահմետականներուն շահերը», նշած է ան:
«Ազատութիւն» կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի որդեգրման հաւանականութիւնը Պոսնիոյ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ այնքան ալ մեծ չէ: Փաստօրէն, ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գայ Պոսնիան ձեւաւորող երկու պետական միաւորներէն միայն մէկուն` Սերպական հանրապետութեան ղեկավարը: 1995-ի Տէյթընի համաձայնագիրին հիման վրայ երկրի տարածքին 51 առ հարիւրին վերահսկող իսլամներու եւ խրուաթներու դաշնութեան ղեկավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին նկատմամբ առանձնակի ոգեւորութիւն չի ցուցաբերեր: Բացի ատկէ, նախաձեռնութեան հեղինակ եղող սերպ ընկերվար-ժողովրդավարները Պոսնիոյ 42 աթոռներէ բաղկացած դաշնակցային խորհրդարանին մէջ ընդամէնը 8 երեսփոխան ունին:


