ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Նոր տարուան առիթով Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մօտ ուրախութիւն սերմանելու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով ի գործ դրած ծրագիրներու շարքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սննդամթերք տրամադրեց շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Երէկ` ուրբաթ, 30 դեկտեմբերի կէսօրին քաղաքապետութեան ոստիկանները այցելեցին տնտեսական ծանր պայմաններու տակ ապրող պուրճհամուտաբնակ ընտանիքներուն եւ սնտուկներով սննդամթերք տրամադրեցին անոնց` նպատակ ունենալով առիթ տալ անոնց աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դիմագրաւելու Նոր տարին:

Share this Article
CATEGORIES