ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՉԷ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած արաբ դէտերուն յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ երկրին մէջ կացութիւնը «մտահոգիչ չէ»` աւելցնելով, որ Ռուսիա Արաբական լիկայի ուղարկած խմբակին «արհեստավարժութեան եւ անկողմնակալութեան» նկատմամբ համարում ունի:

Ռուս դիւանագէտ մը լոնտոնեան «Հայաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին բացառեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ առնչութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւին շուրջ «այս տարուան աւարտէն առաջ» համաձայնութիւն գոյացնէ` նշելով, որ քննարկումները կը շարունակուին, սակայն ռուսական բանաձեւին եւ անոր բարեփոխման արեւմտեան առաջարկներուն շուրջ կեցուածքները «տակաւին նոյնն են»:

Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինեալներ Տէր Զօրի Ռաուտա մզկիթին առջեւ ական մը պայթեցուցած են, իսկ սուրիական ընդդիմադիր Տեղական համակարգումի յանձնախումբերը հաղորդեցին, որ պայթում մը ցնցած է Համայի Քուսուր թաղամասի շրջանը:

Share this Article
CATEGORIES