ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ԿՐԱԿԵԼ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԻՇԵՐԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն Նոր տարուան գիշերը ուրախութեան համար չկրակելու:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը նախանձախնդիր է լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկրին օրէնքներուն գործադրութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ օրինազանցները պիտի հետապնդուին եւ պատժուին:
CATEGORIES Լիբանանեան

