ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրովի հետ:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական