ԹՐՔԱԿԱՆ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՊԱՀԵՍՏԱՆՈՑԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 4 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Թրքական զինամթերքի պահեստանոցը

Կիրակի գիշերուան ժամը 12:43-ին պայթում մը տեղի ունեցաւ կեդրոնական Անատոլուի Քըրքքալէ նահանգի Եահշիհան քաղաքին մօտ գտնուող զինամթերքի պահեստանոցի մը մէջ: Հրշէջները յաջողեցան մարել պայթումէն յառաջացած հրդեհը:

Եահշիհանի կառավարիչ Ահմեթ Ֆերհաթ Էօզեն «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ չորս աշխատաւորներու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ: Հետագային Քըրքքալէի նահանգապետ Հաքան Եուսուֆ Կիւներ լրագրողներուն յայտնեց, որ նշեալ աշխատաւորներու դիակները յայտնաբերուած են:

Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ պայթումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի ժամը 00:58-ին: Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ պայթումին պատճառը յստակ չէ եւ մասնագէտներ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարեն:

Մասնագէտներ կը յայտնեն, որ պահեստանոցը մեծ վնասներ կրած է եւ անգործածելի վիճակի մատնուած:

Share this Article
CATEGORIES