ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ հիմնել ժողովրդավարական – քաղաքացիական պետութիւն մը, որ կրօնը եւ պետութիւնը իրարմէ կ՛անջատէ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Նոր Տարուան առիթով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանը պատգամի երկիր նկատող Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին յայտարարութիւնը արդարանայ եւ Լիբանան պատգամի երկիր ըլլալու իր արժանիքը կը պահէ Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ պատգամի երկիր ըլլալու արժանիքը կը նշանակէ Արեւելքի մէջ պահպանել իսլամ եւ քրիստոնեայ գոյութիւնը` շեշտելով, որ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու առումով մենք կ՛ապրինք բազմազանութեան եւ հաւասարութեան հիման վրայ:

