ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Տուպայի կառավարիչը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Էմիրութիւններու վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ` ներկայութեամբ Տուպայի գահաժառանգ իշխանին` շէյխ Համտան պըն Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնատարներու:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրերուն համաձայն, շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթում նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման դրուատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ապրած շինարարական եւ տնտեսական զարթօնքն ու նուաճումները, որոնք արդիւնք են Էմիրութիւններու իմաստուն ղեկավարութեան նախաձեռնութեան ոգիին ղեկավարութիւն մը, որ կրցաւ ամբողջ աշխարհը հարուածած դրամական տագնապին հետեւանքները հաւասարակշռել:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց նաեւ Լիբանան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւնները եւ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումը հրաւիրեց այցելելու Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES