ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՕՐԸ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐ. «ՁԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐՆ Է ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՄԱՐ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Նոր տարուան գիշերը` 31 դեկտեմբերին, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Հայաստանի պաշտպանական դիրքեր:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, նախագահին ուղեկցեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

Հանրապետութեան նախագահը հետեւեցաւ պաշտպանական յենակէտերուն մարտական հերթապահութեան կազմակերպման, ծանօթացաւ զինուորներու ընկերային եւ կենցաղային պայմաններուն, զրուցեց անոնց հետ զիրենք հետաքրքրող հարցերուն շուրջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց հայոց բանակի զինուորները տօներուն առիթով, յղեց բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անձնուէր ծառայութեան համար: «Ձեր կատարած գործը ամենակարեւորն է մեր երկրի համար: Ամենակարեւորը, որովհետեւ եթէ դուք այստեղ ամուր չլինէք, վստահ չլինէք, մեր ժողովուրդն իրեն վստահ չի զգայ, իսկ ձեր ամրութիւնը, ձեր ինքնավստահութիւնը փոխանցւում է այստեղից` այս սահմանից, որովհետեւ այստեղից է սկսւում մեր երկիրը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ հայ զինուորը զսպաշապիկ է սահմանէն այն կողմ կանգնած մարդոց համար, որովհետեւ այնտեղ գիտեն, թէ հայոց բանակի զինուորը ինչի՛ ունակ է: Նախագահին համաձայն, հայ զինուորով կը հպարտանան ոչ միայն իր ծնողները, այլեւ բոլորը` երեխաներէն, երիտասարդներէն սկսեալ մինչեւ մեծահասակներ: Ծառայութեան ընթացքին իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ յայտնի խումբ մը զինուորներ նախագահին կողմէ ստացան նուէրներ:

Հանրապետութեան ղեկավարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ սահմանամերձ Ոսկեպար եւ Կիրանց գիւղերու բնակիչներուն հետ, շնորհաւորեց անոնց տօնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան զրուցեց բնակիչները յուզող հարցերուն շուրջ, հետաքրքրուեցաւ սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներով եւ տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES